2012-01-30 12:13:31

Մարդու Իրաւունքներու Համաշխարհային Կազմակերպութեան Համաձայն] 2011-ին՝ Վիէթնամի Մէջ Մարդու Իրաւունքները Եւ Կրօնական Ազատութիւնը Աւելի Սահմանափակուած Են։


Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային կազմակերպութիւնը 2011-ի տարեկան տեղեկագիրին մէջ ի յայտ կը դնէ որ Վիէթնամի մէջ մարդու իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնը աւելի սահմանափակուեցան։ Կառավարութիւնը 2011-ին ընթացքին բանտարկած է 33 խաղաղարարներ։ Նոյնպէս սահմանափակուած է պաշտամունքի ազատութիւնը ու եկեղեցականները կը շարունակեն սպառնալիք ու հալածանք կրել։ Ոստիկանութիւնը 2011-ին ձերբակալած է 19 կաթողիկէներ ու երկու բողոքականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.